Activity Reports

Հայկական Մշակոյթի Շաբաթ Հալէպի Պետական Համալսարանէն Ներս

6-7-8 Յունիսի 2021ն, Հալէպի Պետական Համալսարանէն ներս ՔՈՄը կազմակերպեց աւանդութիւն դարձած հայկական մշակոյթի շաբաթը, որ սկիզբ առաւ «Սուրիական եւ Հայկական Մշակոյթներու Միջեւ Նմանութիւնները» խորագրով ցուցահանդէսով, եւ շարունակուեցաւ ցուցահանդէսի վերնագիրի թեմայով դասախօսութիւնով ու գեղարուեստական հանդիսութեամբ, որ կ’ընդգրկէր երգչախումբ, «Էսդրատային» նուագախումբ եւ երգիչ:

Activity Reports Activity Reports

Ապրիլեան Նախաձեռնութիւններ

Քրիստափոր Ուսանողական Միութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ Ապրիլեան բոլոր նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս՝ արեան տուչութեան, Ազգ. Գերեզմանատան մէջ գտնուող Ապրիլեան զոհերու յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցած ոգեկոչումին ու Ապրիլեան ոգեկոչման կեդրոնական հանդիսութեան: Միութիւնը նաեւ իր մասնակցութիւնը բերաւ Մայիս 28-ի ժողովրդական տօնախմբութեան:

Activity Reports

Եռօրեայ Դպրոց-Բանակում

5-էն 7 Մարտ 2021-ին, Լաթաքիոյ ակումբէն ներս՝ կայացաւ եռօրեայ դպրոց- բանակում, որու ընթացքին ընկերները հիմնականօրէն ծրագրեցին Հալէպի մէջ կազմակերպուելիք հայկական մշակոյթի շաբաթը, ստացան ընկերային ցանցերու մասին դասախօսութիւններ, վարեցին զրոյցներ՝ «Դաշնակցական Ուսանողականի Դերակատարութիւնը Հանրային Կեանքին մէջ» թեմայով, ինչպէս նաեւ սերտեցին գաղափարական գիրքեր:

Activity Reports

Բողոքի Գործողութիւններ Իշխող Վարչակազմի դէմ

2021 թվականի այս ժամանակահատուածին Նիկոլ Աղբալեան Ուսանողական Միութիւնը առանձնաբար, ինչպէս նաև ՀԵՄ-ի,Քաղաքային կոմիտէի հետ համատեղ իրակացրել է մի շարք ակցիաներ իշխող վարչակազմի դեմ։ Ակցիաների տեսանիւթերը դիտել հետեւեալ  յղումներով ՀՊՏՀ-ում է դասավանդում դաւաճանների ֆրակցիայից Գևորգ Պապոեանը Կառավարութեան 3րդ մասնաշէնքի մօտից բերման են ենթարկուել մի շարք Դաշնակցական երիատասարդներ Խաղաղ ակցիա Նախագահի Նստավայրի Դիմաց

Activity Reports

Երդման Արարողութիւն

Մայիսի 28 2021ին՝ Հայոց անկախ պետականութեան վերակերտումից 103 տարի անց, Ապարանի Վերածնունդ յուշահամալիրում՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր հայրերից Դրոյի շիրիմի մօտ նորագիրները համալրեցին ՀՅԴ Հայաստանեան կառոյցի, այդ թւում նաև «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան շարքերը։ Երդման արարողութեան կնքահօր պարտականութիւնը վստահուած էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ Աշոտ Սիմոնեանին։ Երդման արարողութիւնը դիտել հետեւեալ յղումով

Activity Reports

Եռօրեայ Հաւաք Պռոշեանում

Մայիսի 7-9 2021ին Պռոշեանում տեղի ունեցաւ եռօրեայ հաւաք,որին մասնակցում էին նաև դիմումագիր երիտասարդներ։Հաւաքի ընթացքում հիւրընկալեցինք ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի նախագահ Սիմոն Սիմոնեանին,ՀՅԴ ԳՄ անդամ Լիլիթ Գալստեանին, ՀՅԴ Բյուրոյի Հայ դատի Կենտրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագրերի պատասխանատու Գևորգ Ղուկասեանին, ՀՅԴ ԳՄ անդամ, բժիշկ-ազատամարտիկ Տարոն Տոնոյեանին։Ինչպես նաև  ունեցանք շրջայց Մուղնիի Սուրբ Գևորգ, Սաղմոսավանք, Օհանավանք, Աստվածընկալ- Սուրբ Նշան վանական […]

Activity Reports

Պաղեստինեան Դատի Զօրակցական Հաւաքի Մասնակցութիւն

12 Մայիս 2021-ին տեղի ունեցաւ Պաղեստինեան դատի զօրակցական հաւաք մը, կազմակերպութեամբ Լիբանանեան Ղովմի Կուսակցութեան: Հաւաքին ընթացքին, Պաղեստինեան դատի զօրակցական երիտասարդական Ուսանողական յանձնախումբին (Student and Youth Committee for the support of the Palestinian Cause – որուն հիմնադիր անդամ է ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը) խօսքը արտասանեց ԶՈՄ-էն ընկեր Քրիս Չոփուրեան: Խօսքը կարելի է դիտել հետեւելով յղումով։ Զօրակցական […]

Activity Reports

Լիբանանի Նահատակաց Տօնին Առթիւ Երիտասարդական-Ուսանողական Հաւաք

6 Մայիս 2021-ին, Լիբանանի նահատակաց տօնին առթիւ, Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը կազմակերպեց երիտ-ուսանողական հաւաք մը, Կերդոնական Պէյրութի մէջ գտնուող նահատակաց հրապարակին վրայ։ Հաւաքին ներկայ էին Լիբանանեան կուսակցութիւններու եւ քաղաքական ուժերու երիտասարդական եւ ուսանողական թեւերու ներկայացուցիչներ։ ԶՈՄ-ի խօսքը առտասանեց ընկհ. Ալիք Մեսրոպեան եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան։ Հաւաքի նաեւ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ։ […]

Activity Reports

Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Առցանց Արեւելում (orientation)

Ապրիլ ամսուան ընթացքին, Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը կազմակերպեց համալսարանական ճիւղերու առցանց արեւելում մը, հայկական վարժարան յաճախող երկրորդական բաժնի աշակերտներուն համար։ Յայտագիրը ընդգրկեց ճիւղերուն մասին ներկայացում՝ մասնագէտներու կողմէ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի համալսարաններուն մասին տեղեկութիւններու փոխանցում (ընդհանուր օրէնքներ, մուտքի քննութիւններ, պահերու ընթացք, թոշակ, նպաստներ, եւայլն)։ Ներկայացման աւարտին, մասնակցողները առիթը ունեցան մասնագէտներուն հարցումներ հարցնելու։