Activity Reports

16 Days of activism against Gender-Based Violence

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը մասնակցեցաւ Ազդակ օրաթերթի նախաձեռնութեան՝ 16 days of activism against gender-based violence-ի առիթով, որուն համաձայն ԶՈՄ-ի խօսքը հրատարակուեցաւ 1 Դեկտեմբեր 2021-ին, «16 Օրուան Փոխարէն՝ 365 Օր Պայքարիլ Սեռային Բռնութեան Դէմ» խորագրով։ Յօդուածը կարելի է կարդալ հետեւեալ յղումով՝

Activity Reports

Նստացոյց՝ Հայաստանի դեսպանատան դիմաց եւ հանդիպում Հայաստանի դեսպանին հետ

9 նոյեմբերի 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան միամեակին առիթով եւ զօրակցելով Հայաստանի մէջ սկիզբ առած Դիմադրութեան շարժումին, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ երեկոյեան Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի լուռ նստացոյց մը: Նստացոյցին ընթացքին շողարձակումով (projection) ցուցադրուեցան կարգախօսներ, որոնք Դիմադրութեան նշանակին կողքին յստակօրէն արտայայտեցին լիբանանահայ երիտասարդութեան տեսակէտն ու կեցուածքը` Հայաստանի թրքացումն […]

Activity Reports

Արցախեան 2020-ի պատերազմի առաջին տարելիցի առիթով ցոյց Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց

Երկուշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2021-ին, Լիբանանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի խաղաղ ցոյց մը` լիբանանահայ երիտասարդներու եւ ուսանողներու կողմէ: Ցոյցին ընթացքին դատապարտանքի կարգախօսներ հնչեցինԱզրպէյճանի եւ անոր հովանաւոր Թուրքիոյ գործած պատերազմական ոճիրներուն եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումին դէմ: Յոյցէն ետք պատրաստուած տեսահոլովակը դիտել հետեւեալ յղումով՝ Ցոյց Ազրպէյճանի Դեսպանատան Դիմաց

Activity Reports

Արցախեան 2020-ի պատերազմի առաջին տարելիցի առիթով ձեռնարկ

Կիրակի 26 Սեպտեմբեր 2021ին Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան պատերազմի նահատակներու նուիրուած յիշատակի հաւաք մը, Զաւարեան Ուսանողական Միութեան եւ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան կողմէ կազմակերպուած։ Ձեռնարկի բանախօսն էր Ազդակ օրաթերթի խմբագիր՝ ընկ. Շահան Գանտահարեանը: Ձեռնարկը ուղիղ սփռուեցաւ ԶՈՄ-ի եւ ԼԵՄ-ի դիմատետրի (Facebook-ի) էջերէն։ Ձեռրնարկը կարելի է դիտել հետեւեալ յղումով` Միշտ Ձեր Կողքին

Activity Reports

Մասնակցութիւն՝ Երիտասարդական Գրասենեակի Արցախի Ծրագրին -Վարիչ պատրաստելու դասընթացքներ

Օգոստոս 2021-ին, ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութենէն երկու ընկերներ գործուղղուեցան Արցախ եւ մասնակցեցան ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտ. Գրասենեակի կազմակերպած Արցախի մէջ գործադրուած ծրագիրներուն։ Գործուղղման ընթացքին, ԶՈՄ-ական ընկերները զանազան հանդիպումներ ունեցան ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան վարչութեան եւ անդամ ընկերներուն հետ։ Անոնք նաեւ գործադրեցին Արցախի Պատանեկան Միութեան վարիչներուն համար դաստիարակչական-կազմաւորման ծրագիր մը։ Այս ծրագիրը երկու շաբթուան տեւողութեամբ գործադրուեցաւ Ստեփանակերտի, […]

Activity Reports

Պաղեստինեան Դատի Զօրակցական Հաւաքի Մասնակցութիւն

12 Մայիս 2021-ին տեղի ունեցաւ Պաղեստինեան դատի զօրակցական հաւաք մը, կազմակերպութեամբ Լիբանանեան Ղովմի Կուսակցութեան: Հաւաքին ընթացքին, Պաղեստինեան դատի զօրակցական երիտասարդական Ուսանողական յանձնախումբին (Student and Youth Committee for the support of the Palestinian Cause – որուն հիմնադիր անդամ է ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը) խօսքը արտասանեց ԶՈՄ-էն ընկեր Քրիս Չոփուրեան: Խօսքը կարելի է դիտել հետեւելով յղումով։ Զօրակցական […]

Activity Reports

Լիբանանի Նահատակաց Տօնին Առթիւ Երիտասարդական-Ուսանողական Հաւաք

6 Մայիս 2021-ին, Լիբանանի նահատակաց տօնին առթիւ, Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը կազմակերպեց երիտ-ուսանողական հաւաք մը, Կերդոնական Պէյրութի մէջ գտնուող նահատակաց հրապարակին վրայ։ Հաւաքին ներկայ էին Լիբանանեան կուսակցութիւններու եւ քաղաքական ուժերու երիտասարդական եւ ուսանողական թեւերու ներկայացուցիչներ։ ԶՈՄ-ի խօսքը առտասանեց ընկհ. Ալիք Մեսրոպեան եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան։ Հաւաքի նաեւ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ։ […]

Activity Reports

Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Առցանց Արեւելում (orientation)

Ապրիլ ամսուան ընթացքին, Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը կազմակերպեց համալսարանական ճիւղերու առցանց արեւելում մը, հայկական վարժարան յաճախող երկրորդական բաժնի աշակերտներուն համար։ Յայտագիրը ընդգրկեց ճիւղերուն մասին ներկայացում՝ մասնագէտներու կողմէ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի համալսարաններուն մասին տեղեկութիւններու փոխանցում (ընդհանուր օրէնքներ, մուտքի քննութիւններ, պահերու ընթացք, թոշակ, նպաստներ, եւայլն)։ Ներկայացման աւարտին, մասնակցողները առիթը ունեցան մասնագէտներուն հարցումներ հարցնելու։

Activity Reports

Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակին Նուիրուած Երիտասարդական-Ուսանողական Առցանց Հսկում

23 Ապրիլ 2021-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան եւ ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակին նուիրուած երիտասարդական-ուսանողական առցանց հսկումը։ Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առին ԼԵՄ-էն եւ ԶՈՄ-էն ընկերներ, որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր մը։ Հսկումի աւարտին, ԼԵՄականներն ու ԶՈՄակակնները վերանորոգեցին իրենց պահանջատիրութեան ուխտը։ Հսկումը կարելի է դիտել հետեւելով յղումով։ Հայոց Ցեղասպանութեան 106ամեակ

Activity Reports

Հարցախոյզ ուղղուած Լիբանանահայ երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան

Նկատի առնելով լիբանանեան ընկերատնտեսական եւ քաղաքական գետնի վրայ եղած զարգացումները, Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը, իր հրատարակչական յանձնախումբի միջոցաւ, լիբանանահայ գաղութի ճակատագիրը ուսումնասիրելու աշխատանքին մէջ կարեւոր դասելով ուսանողութեան դերը, մտածեց կազմակերպել հարցախոյզ մը, որուն շնորհիւ առիթը պիտի ունենար հասկնալու լիբանանահայ ուսանողութեան կարծիքը արտագաղթի մասին: Հիմնուելով Լիբանանի մէջ տիրող պայմաններուն վրայ, ծանր դժուարութիւններու հետ բնական էր նշմարել արտագաղթի […]