Editorial

Մեր Խօսքը

Յուլիսէն 2021էն Դեկտեմբեր 2022 ժամանակահատուածի մեր ուսանողական միութիւններու գործունէութիւնը կը բնորոշուի յետպատերազմեան իրավիճակէն դուրս ելլելու եւ դիմադրութեան գործունէութեամբ:Ուսանողական Միութիւնները թէ սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ ամէն ջանք թափեցին հայ իրականութենէնթօթափելու յուսալքութեան եւ պարտուողական տրամադրութիւնները ցոյցերով, քարոզչականաշխատանքներով եւ իրազեկումով:Արտաքին ճակատի վրայ մեր ուսանողները ձայն բարձրացուցին Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած զինուորներու ազատ արձակման գծով:Ներազգային առումով, ուսանողական միութիւնները ցոյցերով […]

Editorial

Մեր Խօսքը

Մարտ – Յունիս 2021 ամիսներուն, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու մօտ տիրական էր յետպատերազմեան հոգեբանական ընկճալի կացութեան իրավիճակը: Այսուհանդերձ, դաշնակցական երիտասարդութիւնը, իր ոգիին յարիր, իր մէջ ուժ գտաւ չընկրկելու, հետզհետէ վերաբնականանոցնելու եւ ապա խթանելու իր գործունէութիւնը, ուր թէեւ նուազ, բայց իր ազդեցութիւնը ունէր նաեւ համավարակի առկայութիւնը: Այսպէս՝ այս ժամանակահատուածին նաեւ ականատես կըլլանք առցանց նախաձեռնութիւններու:  Ապրիլին Ուսանողական Միութիւնները […]

Editorial

Մեր Խօսքը

          Յուլիս 2021- Դեկտ 2021 թէեւ քորոնաժահրի առկայութեամբ պայմանաւորուած, Ուսանողական Միութիւնները շարունակեցին իրենց աշխատանքները թէ ներգաղութային եւ թէ հայրենի օրակարգերով: Վրայ հասաւ Արցախեան նորօրեայ գոյամարտը: Մեր Հայրենիքին դիմագրաւած դժուարին եւ ճակատագրական այս օրերուն, Դաշնակցութեան Ուսանողական Միութիւնները շարունակեցին իրենց հետեւողական աշխատանքները պաշտպանելով եւ տէր կանգնելով մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն՝ ի դէմ մեր ոխերիմ թշնամիին եւ անոր […]

Editorial

Մեր Խօսքը

Վերջին չորս ամիսներուն, թագաժահրի աներեւակայելի արագ տարածումին պատճառով, աշխարհը իրարանցումի մէջ էր: Սակայն անսովոր կացութիւններու մատնուելով հանդերձ, Հ.Յ.Դ. Ուսանողական Միութիւնները կարողացան տագնապը շրջանցել, անոնք զարկ տուին իրենց ստեղծագործական միտքերուն եւ օգտուելով արհեստագիտական միջոցներու ընձեռած կարելիութիւններէն, շարունակեցին իրենց առաքելութիւնները, յաճախ նորարար ոճով: