Activity Reports

Մասնակցութիւն՝ Դիմադրութեան Շարժումին

Անսալով Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի Դիմադրութեան կոչին, միութիւնս նախաձեռնեց հայրենիքի դիմագրաւած դժուարին պայմաններուն լոյսին ներքեւ ՀՀ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան բողոքի ծրագրի մշակման: Այսպէս՝ Միութեանս յորդորով, գաղութիս մէջ գործող քոյր միութիւններէն ու մարմիններէն բողոքի նամակներ յղեցին ՀՀ Դեսպանութեան:

Activity Reports

Մասնակցութիւն Դաշնակցութեան 131 ամեակի տօնակատարութիւններուն

Միութիւնս, իր զգալի մասնակցութիւնը բերաւ շրջանիս մէջ Հ.Յ.Դ. 131 ամեակին առթիւ կազմակերպուած բոլոր ձեռնարկներուն, միութենէս ընկերներ ներառելով ձեռնարկները կազմակերպող կեդրոնական յանձնախումբին մէջ, ինչպէս նաեւ ձեռնարկներու բեմավարութեան ու գեղարուեստական զանազան բաժիններուն մէջ:

Activity Reports Activity Reports

Դասախօսութիւններ

12 Նոյեմբերին վարչութիւնս կազմակերպեց ներքին գործունէութիւն, որուն ընթացքին ընկերներուն յաջորդաբար ներկայացուեցաւ «Միջազգային Օրէնքներ»-ը, ապա՝ հիւր դասախօսի միջոցաւ, «ՄԱԿ-ը եւ Հայ Դատը» վերնագրերով դասախօսութիւններ:

Activity Reports

Դասընթացքներ

Միութեանս վարչութիւնը լծուեցաւ ընկերներուն ներքին դասընթացքներ կազմակերպելու աշխատանքին, առաջին հերթին յարաբերութիւններ մշակելով կազմակերպութեան մը հետ, որուն միջոցաւ պիտի մատուցուին դասընթացքի թեմաները, ապա՝ վարչութիւնըհերթականութեամբ հանդիպումներ գումարելով յիշեալ կազմակերպութեան հետ, ի գործ դրաւ մշակուած ծրագիրը, իր ստացած տեղեկութիւնները ներկայացնելով միութեանս անդամներուն:

Activity Reports

Տարեկան Բանակում

Միութիւնը Յուլիս ամիսէն արդէն սկսած էր ծրագրել իր տարեկան բանակումը, առաջին հերթին սերտելով ու պատրաստելով դաստիարակչական կէտերը, ապա՝ խրախճանքները, խաղերն ու նախապատրաստական բոլոր աշխատանքները, ինչ կը վերաբերի երթեւեկի, վայրի, վառելանիւթի ու հացի ապահովման: Միութեանս բանակումը սկիզբ առաւ 5 Սեպտեմբեր 2021-ին, Քեսապի «Կազդուրման Կայան» կեդրոնէն ներս ու անմիջապէս սկիզբ առին Հալէպէն արդէն ծրագրուած օրակարգերը.- Դասախօսութիւն՝ Աշխարհի […]

Activity Reports

Հայկական Մշակոյթի Շաբաթ Հալէպի Պետական Համալսարանէն Ներս

6-7-8 Յունիսի 2021ն, Հալէպի Պետական Համալսարանէն ներս ՔՈՄը կազմակերպեց աւանդութիւն դարձած հայկական մշակոյթի շաբաթը, որ սկիզբ առաւ «Սուրիական եւ Հայկական Մշակոյթներու Միջեւ Նմանութիւնները» խորագրով ցուցահանդէսով, եւ շարունակուեցաւ ցուցահանդէսի վերնագիրի թեմայով դասախօսութիւնով ու գեղարուեստական հանդիսութեամբ, որ կ’ընդգրկէր երգչախումբ, «Էսդրատային» նուագախումբ եւ երգիչ:

Activity Reports Activity Reports

Ապրիլեան Նախաձեռնութիւններ

Քրիստափոր Ուսանողական Միութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ Ապրիլեան բոլոր նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս՝ արեան տուչութեան, Ազգ. Գերեզմանատան մէջ գտնուող Ապրիլեան զոհերու յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցած ոգեկոչումին ու Ապրիլեան ոգեկոչման կեդրոնական հանդիսութեան: Միութիւնը նաեւ իր մասնակցութիւնը բերաւ Մայիս 28-ի ժողովրդական տօնախմբութեան:

Activity Reports

Եռօրեայ Դպրոց-Բանակում

5-էն 7 Մարտ 2021-ին, Լաթաքիոյ ակումբէն ներս՝ կայացաւ եռօրեայ դպրոց- բանակում, որու ընթացքին ընկերները հիմնականօրէն ծրագրեցին Հալէպի մէջ կազմակերպուելիք հայկական մշակոյթի շաբաթը, ստացան ընկերային ցանցերու մասին դասախօսութիւններ, վարեցին զրոյցներ՝ «Դաշնակցական Ուսանողականի Դերակատարութիւնը Հանրային Կեանքին մէջ» թեմայով, ինչպէս նաեւ սերտեցին գաղափարական գիրքեր: