Activity Reports Activity Reports

Ստորագրահաւաք՝ Ի զօրակցութիւն Դիմադրութեան #Դիմադրութիւն

Նոյեմբեր 25 2021ին, Համահայկական երիտասարդական դիմադրութեան յայտարարութեան համար ԱԳՈՄ-ը ստորագրահաւաք կազմակերպեց : Ստորագրահաւաքին մասնակցեցան տարբեր երիտասարդական կազմակերպութիւններ:

Activity Reports Activity Reports

Ցոյց՝ Ազրպէյճանական Դեսպանատան Դիմաց

Նոյեմբեր 9 2021ին, Օթաուաի մէջ երիտասարդականին հետ միասին ԱԳՈՄ-ը ցոյց կազմակերպեց Ազրպէյճանական դեսպանատան դիմաց: Ապա ուղղոեւլով Հայաստանի դեսպանատուն ծաղկեպսակներ զետեղուեցան դեսպանատան յուշարձանին առջեւ:

Activity Reports Activity Reports

Մեր գործունէութենէն՝Հակիրճ

Սեպտեմբեր 30-ին ԱԳՈՄ-ը Արցախի երիտասարդական Միութեան աջակցեցաւ տեսաուղերձով: Հոկտեմբեր 25-ին ԱԳՈՄ-ը դիմադրութեան կոչեր սկսաւ ուղղել ընկերային ցանցերու վրայ: (twitter, facebook, instagram) Հոկտեմբեր 29-ին ԱԳՈՄ-ի անդամներ հանդիպում ունեցան ընկեր Հրաչ Ճապրայեանին հետ եւ զրուցեցին Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ իրավիճակին մասին

Activity Reports

#FreeArmenianPOWs Գանատայի Տարածքին Ցոյցեր՝ Հայ Ռազմագերիներու Ազատ Արձակման Կոչերով

Արմէն Գարօ Ուսանողական Միութիւնը եւ Գանատաի Երիտասարդաց Միութիւնը  միասնաբար ցոյցեր կազմակերպեցին Գանատայի տարածքին, Հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու կոչերով: Ցոյցեր տեղի ունեցան՝ Վանքուվըրի մէջ՝ Կիրակի 13 Յունիս 2021ին Մոնթրէալ մէջ՝ Ուրբաթ 18 Յունիս 2021ին Թորոնթոյի մէջ՝ Շաբաթ  19 Յունիս 2021ին Ցոյցերէն նկարներ Instagramի հետեւեալ յղումով՝ https://www.instagram.com/armen.karo/?utm_medium=copy_link

Activity Reports

Զեկուցում Հայաստանի եւ Արցախի Իրավիճակին մասին

24 Մայիս 2021ին, Արմէն Գարօ-ուսանողական միութեան անդամական ժողովի ընթացքին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ընկեր Մհեր Գարագաշեան զեկուցեց Հայաստանի ու Արցախի յետպատերազմեան իրավիճակին մասին։

Activity Reports

Հարցազրոյց Հայ Հորիզոնին

5 Մայիս 2021ին, Արմէն Գարօ Միութեան անդամ Ընկեր Լէոնարտօ Թորոսեանը մասնակցեցելով Հայ Հորիզոնի ուղիղ եթերին, մանրամասներ փոխանցեց ստորագրահաւաքին մասին: «Մեր թիրախն է հաւաքել 50.000 ստորագրութիւն, 24 օրուայ ընթացքին, հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման համար։» շեշտեց ան: Հարցազրոյցը դիտել հետեւեալ յղումով՝ UN Free Armenian POWs

Activity Reports

Ստորագրահաւաք-Դիմում ՄԱԿին

Արմէն Գարօ Ուսանողական Միութիւնը եւ Գանատաի Երիտասարդաց Միութիւնը  միասնաբար ստորագրահաւաք մը կազմակերպեցին change.org համացանցի էջին վրայ: Ստորագրահաւաքի նպատակն էր դիմել ՄԱԿին որպէսզի ճնշում բանեցնէ Ազրպէյճանի վրայ հայ ռազմագերիներուն ազատ արձակման գծով: