Activity Reports

Ապրիլեան Նախաձեռնութիւններ

Քրիստափոր Ուսանողական Միութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ Ապրիլեան բոլոր նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս՝ արեան տուչութեան, Ազգ. Գերեզմանատան մէջ գտնուող Ապրիլեան զոհերու յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցած ոգեկոչումին ու Ապրիլեան ոգեկոչման կեդրոնական հանդիսութեան:

Միութիւնը նաեւ իր մասնակցութիւնը բերաւ Մայիս 28-ի ժողովրդական տօնախմբութեան: