Activity Reports

Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Առցանց Արեւելում (orientation)

Ապրիլ ամսուան ընթացքին, Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը կազմակերպեց համալսարանական ճիւղերու առցանց արեւելում մը, հայկական վարժարան յաճախող երկրորդական բաժնի աշակերտներուն համար։

Յայտագիրը ընդգրկեց ճիւղերուն մասին ներկայացում՝ մասնագէտներու կողմէ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի համալսարաններուն մասին տեղեկութիւններու փոխանցում (ընդհանուր օրէնքներ, մուտքի քննութիւններ, պահերու ընթացք, թոշակ, նպաստներ, եւայլն)։ Ներկայացման աւարտին, մասնակցողները առիթը ունեցան մասնագէտներուն հարցումներ հարցնելու։