Activity Reports Activity Reports

16 Days of activism against Gender-Based Violence

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը մասնակցեցաւ Ազդակ օրաթերթի նախաձեռնութեան՝ 16 days of activism against gender-based violence-ի առիթով, որուն համաձայն ԶՈՄ-ի խօսքը հրատարակուեցաւ 1 Դեկտեմբեր 2021-ին, «16 Օրուան Փոխարէն՝ 365 Օր Պայքարիլ Սեռային Բռնութեան Դէմ» խորագրով։ Յօդուածը կարելի է կարդալ հետեւեալ յղումով՝

Activity Reports

Նստացոյց՝ Հայաստանի դեսպանատան դիմաց եւ հանդիպում Հայաստանի դեսպանին հետ

9 նոյեմբերի 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան միամեակին առիթով եւ զօրակցելով Հայաստանի մէջ սկիզբ առած Դիմադրութեան շարժումին, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ երեկոյեան Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի լուռ նստացոյց մը: Նստացոյցին ընթացքին շողարձակումով (projection) ցուցադրուեցան կարգախօսներ, որոնք Դիմադրութեան նշանակին կողքին յստակօրէն արտայայտեցին լիբանանահայ երիտասարդութեան տեսակէտն ու կեցուածքը` Հայաստանի թրքացումն […]

Activity Reports

Արցախեան 2020-ի պատերազմի առաջին տարելիցի առիթով ցոյց Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց

Երկուշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2021-ին, Լիբանանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի խաղաղ ցոյց մը` լիբանանահայ երիտասարդներու եւ ուսանողներու կողմէ: Ցոյցին ընթացքին դատապարտանքի կարգախօսներ հնչեցինԱզրպէյճանի եւ անոր հովանաւոր Թուրքիոյ գործած պատերազմական ոճիրներուն եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումին դէմ: Յոյցէն ետք պատրաստուած տեսահոլովակը դիտել հետեւեալ յղումով՝ Ցոյց Ազրպէյճանի Դեսպանատան Դիմաց

Activity Reports

Արցախեան 2020-ի պատերազմի առաջին տարելիցի առիթով ձեռնարկ

Կիրակի 26 Սեպտեմբեր 2021ին Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան պատերազմի նահատակներու նուիրուած յիշատակի հաւաք մը, Զաւարեան Ուսանողական Միութեան եւ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան կողմէ կազմակերպուած։ Ձեռնարկի բանախօսն էր Ազդակ օրաթերթի խմբագիր՝ ընկ. Շահան Գանտահարեանը: Ձեռնարկը ուղիղ սփռուեցաւ ԶՈՄ-ի եւ ԼԵՄ-ի դիմատետրի (Facebook-ի) էջերէն։ Ձեռրնարկը կարելի է դիտել հետեւեալ յղումով` Միշտ Ձեր Կողքին

Activity Reports

Մասնակցութիւն՝ Երիտասարդական Գրասենեակի Արցախի Ծրագրին -Վարիչ պատրաստելու դասընթացքներ

Օգոստոս 2021-ին, ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութենէն երկու ընկերներ գործուղղուեցան Արցախ եւ մասնակցեցան ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտ. Գրասենեակի կազմակերպած Արցախի մէջ գործադրուած ծրագիրներուն։ Գործուղղման ընթացքին, ԶՈՄ-ական ընկերները զանազան հանդիպումներ ունեցան ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան վարչութեան եւ անդամ ընկերներուն հետ։ Անոնք նաեւ գործադրեցին Արցախի Պատանեկան Միութեան վարիչներուն համար դաստիարակչական-կազմաւորման ծրագիր մը։ Այս ծրագիրը երկու շաբթուան տեւողութեամբ գործադրուեցաւ Ստեփանակերտի, […]

Activity Reports Activity Reports

Եռօրեայ Սեմինար

Նոյեմբերի 19-21- 2021ին ունեցանք սեմինար Դիլիլիջանի «Արիանա Ֆեմիլի Հոթելում»։ Եռօրեայ սեմինարին մասնակցեցին ինչպէս միութենական ընկերներ, այնպէս էլ համակիրներ և դիմումագիրներ։Սեմինարի ընթացքում շրջայց ունեցանք Պարզ լճում, Հաղարծին և Գոշավանք եկեղեցական համալիրներում։

Editorial

Մեր Խօսքը

Յուլիսէն 2021էն Դեկտեմբեր 2022 ժամանակահատուածի մեր ուսանողական միութիւններու գործունէութիւնը կը բնորոշուի յետպատերազմեան իրավիճակէն դուրս ելլելու եւ դիմադրութեան գործունէութեամբ:Ուսանողական Միութիւնները թէ սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ ամէն ջանք թափեցին հայ իրականութենէնթօթափելու յուսալքութեան եւ պարտուողական տրամադրութիւնները ցոյցերով, քարոզչականաշխատանքներով եւ իրազեկումով:Արտաքին ճակատի վրայ մեր ուսանողները ձայն բարձրացուցին Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած զինուորներու ազատ արձակման գծով:Ներազգային առումով, ուսանողական միութիւնները ցոյցերով […]

Activity Reports

Նահատակ Կիմ Խաչատրեանի յիշատակին յուշակոթողի բացում

Հոկտեմբերի 31 2021֊ին այցելեցինք 2020 թվականի հոկտեմբերի 31֊ին Արցախյան 44֊օրեայ պատերազմում նահատակուած, Արցախի Հանրապետութեան Մարտական խաչ երկրորդ աստիճանի շքանշանակիր Կիմ Խաչատրեանի ծննդավայր Արենի համայնք, որտեղ տեղի ունեցավ հերոսի յիշատակն յաւերժացնող յուշակոթողի բացման արարողութիւնը։