Activity Reports

Հայ Կուսակցութիւններու Երիտ-Ուսանողական Միութիւններու Հանդիպում եւ հաղորդագրութիւն

Lebanese Political Party Youth Meeting

Չորեքշաբթի, 22 Յուլիս 2020-ին, ՀԿԲՄ-ի Սահակեան-Լ.Մ. քոլեճի ուսանողական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ գործող Հայ կուսակցութիւններու ուսանողական երիտասարդական միութիւններու հանդիպում:


Հանդիպման ընթացքին, կուսակցութիւններու երիտ-ուսանողական թեւերը միասնաբար քննարկեցին Յուլիս ամսուան ընթացքին Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ ազրպէյճանական կողմին ձեռնարկած յարձակումներուն մասին, որոնց թիրախ դարձան նաեւ քաղաքացիներ։ Ժողովականները որոշեցին գործնական քայլերու դիմել եւ հրապարակել զօրակցական ու դատապարտումի կոչ։
Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան լիբանանահայ երիտասարդութիւնը յուզող հարցերը: Կողմերը անհրաժեշտ նկատեցին հերթական հանդիպումներով քննարկել երիտասարդներուն վերաբերող տարբեր խնդիրներ ու զօրակցիլ լիբանանահայ երիտասարդութեան։

Հանդիպումէն մի քանի օր ետք, լոյս տեսաւ միութիւններուն կողմէ պատրաստուած հաղորդագրութիւն, որը կը դատապարտէ Ազրպէյճանի գործած յարձակումներն ու կատարած ռմբակոծումները, ինչպէս նաեւ ներխուժման փորձերը հայկական սահմանամերձ գիւղերուն մէջ: Հաղորդագրութեան միջոցաւ միութիւնները նաեւ աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութեան կոչ ուղղեցին, որ շարունակէ վառ պահել Հայաստանի ու հայութեան ջահը, ըլլայ պատնէշը Հայաստանի անվտանգութեան եւ ի պահանջեալ հարկին պատրաստ ըլլայ կեանքի գնով ծառայելու եւ պայքարելու հայ զինուորի կողքին:

Հաղորդագրութիւնը կարդալ՝

https://www.facebook.com/ZavarianStudentAssociation/photos/3750171418344483