Activity Reports

Արցախեան վերջին պատերազմի նուիրուած աշխատանքներ

Zavarian Protest

Լիբանանահայ Երիտասարդներով Բողոքի Ցոյց` Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Կեդրոնատեղիին Առջեւ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայկական ուսանողական երիտասարդական միութիւններու, ուրբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2020-ին տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց՝ Պէյրութի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) կեդրոնատեղիին առջեւ, բողոքի ձայն բարձրացնելու Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ Ազրպէյճանի գործած վայրագութիւններուն եւ միջազգային օրէնքի դրժումներուն դէմ:

Երիտասարդները եւ ուսանողները նաեւ պահանջեցին Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի եւ Արցախի հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը:

Բողոքի աւարտին մասնակիցներու անունով բողոքագիր փոխանցուեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչին:

Բողոքի լրատուութիւնը հետեւեալ  յղումով https://www.aztagdaily.com/archives/487158

Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան Դիմաց` Դաշնակցական Երիտասարդական-Ուսանողական Ցոյց

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ Զաւարեան Ուսանողական միութեան, երկուշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ հակաթրքական ցոյց մը` Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց:

Բողոքի ցոյցին հիմնական նպատակն էր լուսարձակի տակ առնել Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջամտութիւնը Արցախի վրայ Ազրպէյճանի շղթայազերծած վերջին յարձակումներուն: Ցուցարարները շեշտեցին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի անմարդկային արարքները` ընդգծելով անմեղ ժողովուրդի մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումը:

Բողոքի լրատուութիւնը հետեւեալ  յղումով  https://www.aztagdaily.com/archives/487381

Լիբանանի մէջ գործող կուսակցութիւններու եւ քաղաքական ուժերու Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւններու հանդիպում-զրոյց

Հինգշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2020-ին, կազմակերպութեամբ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան Եռագոյն Սրահ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Լիբանանի մէջ գործող քաղաքական ուժերու եւ կուսակցութիւններու երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու միջեւ ։

Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Հայ Դատի Միջին Արեւելքի Գրասենեակի տնօրէն՝ Դոկտ. Վերա Եագուպեան։

Այս հանդիպման նպատակն էր միութիւններուն ծանօթացնել Արցախի մասին, անոնց զեկուցել այնտեղ տեղի ունեցող իրավիճակին մասին ։

Ձեռնարկի աւարտին, միութիւնները իրենց աջակցութիւնը ու հայանպաստ կեցուածքը արտայայտեցին Արցախեան հակամարտութեան շուրջ, ինչպէս նաեւ իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին ապագայ գործակցութեանց համար։

Հանդիպման լրատուութիւնը հետեւեալ  յղումով  https://www.facebook.com/114380701923591/posts/4105928759435412/

Բողոքագիր՝ ուղղուած Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին

19 Նոյեմբեր 2020-ին, Զաւարեան Ուսանողական Միութենէն եւ Լիբանանի Երիտասարդական Միութենէն պատգամաւորներ զոյգ միութիւններու անունով բողոքագիր մը յղեցին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան խողովակով: Բողոքագիրը կը քննադատէր 10 Նոյեմբերի համաձայնագրի ստորագրութիւնը եւ կը պահանջէ Հայաստանի վարչապետին  հրաժարականը:

Իբրեւ ՀՅԴ Լիբանանի ուսանողական-երիտասարդական միութիւններ` կու գանք մեր ձայնը միացնելու համայն հայութեան ապրած խոր ու աննախընթաց ընդվզումին եւ հաշուետութիւն կը պահանջենք բոլոր մեղապարտ մարմիններէն եւ անձերէն: Այս մէկը կ’ընդգրկէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, որուն գլխաւոր ղեկավարն էք դուք, յարգելի՛ պարոն վարչապետ: Այդ պատճառով կը պահանջենք ձեր եւ ձեր քաղաքական խումբին հրաժարականը:

Մենք կը հաւատանք որ, դիւանագիտական պատերազմը տապալած անձնակազմը պէտք է հեռանայ իր պաշտօնէն: Մենք վստահ ենք, որ այս մէկը նախադրեալն է հայ կեանքին մէջ բեկումնային նոր վիճակ մը ստեղծելու, հայկական ներուժը համախմբելու եւ ստեղծուած կացութեան դարմանումին համար նոր մեկնարկ ապահովելու:

Բողոքագիրէն հատուած

Բողոքագիրը հետեւեալ յղումով

ԼԵՄ-ի եւ ԼՊՄ-ի հետ գործակցաբար, նահատակներու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ

5 Յունուար 2021-ին, Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը, Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւնը եւ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնը գործակցաբար կազմակերպեցին յուշի երեկոյ մը նուիրուած Արցախեան վերջին պատերազմի նահատակներուն:

Երեք միութիւններուն անունով խօսք մը արատասանուեցաւ, որմէ ետք ներկաները  լուսաւոր կանթեղներ երկինք արձակեցին, բոլոր նահատակներուն յիշատակը վառ պահելու իբր խորհրդանիշ: