Activity Reports

ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ

Syria Protest for Artsakh

Սուրիոյ մէջ նաեւ տարածուած պսակաձեւ ժահրի մեղմացումով, Քրիստափոր Ուսանողական Միութիւնը Յուլիսէն Դեկտեմբեր ամիսներու ընթացքին ջանք չխնայեց կազմակերպելու եւ մասնակցելու բոլոր այն աշխատանքներուն, որոնք կը նպաստեն Հայութեան, Արցախի եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:

Միութիւնը վերոյիշեալ վեց ամիսներու ընթացքին տարաւ հետեւեալ աշխատանքները.

  • Ինչպէս 2016-ի Սուրիոյ Երեսփոխանական ընտրութիւններուն, նոյնպէս ալ այս տարի Քրիստափոր Ուսանողական Միութիւնը, անմասն  չմնաց 19 Յուլիսին կայացած երեսփոխանական ընտրութեան թէ՛ նախապատրաստական, թէ՛ ծանուցողական կամ թեկնածուի գործակալութեան աշխատանքներէն: Միութեան անդամները մեծապէս նպաստեցին ընտրական գործընթացին, որ յաջողութեամբ պսակուեցաւ եւ արդէն ենթակայ թեկնածուն ներկայիս մաս կը կազմէ Սուրիոյ խորհրդարանին:

Միութեանս վարչութիւնը կարճ ժամանակի մէջ կարողացաւ կազմակերպել միութեանս տարեկան բանակումը, որ տեղի ունեցաւ 25-27 Սեպտեմբեր 2020-ին, Քեսապի մէջ: Բանակումի օրերը սահմանափակ ըլլալով հանդերձ, բոլոր օրակարգերը լաւապէս սերտուած ու կազմակերպուած էին օրուան վարչութեան ջանքերով: Երեք օրերու ընթացքին բանակողներուն ներկայացուեցան քաղաքական ու Հայ Դատի վերաբերեալ զանազան դասախօսութիւններ, ինչպէս նաեւ բանակողները զրուցեցին մարդուժի պատրաստման եւ այլ թեմաներու շուրջ:

Բանակումի առաջին երկու օրերու ընթացքին ընկերներուն միջեւ տիրած խանդավառ մթնոլորտը անսահման էր, յատկապէս երեկոյեան յեղափոխական երգերու խրախճանքներու ընթացքին, սակայն, երրորդ օրուան առաւօտուն, Արցախի դէպքերով տեղեկանալէ ետք, բանակողները լրջապէս լծուեցան Արցախի զօրակցական տեսերիզ պատրաստելու աշխատանքին, որ անմիջապէս տարածուեցաւ «Գանձասար» շաբաթաթերթի դիմատետրի էջին միջոցաւ:

https://www.facebook.com/kantsasar/videos/683288349060315

  • Արցախեան պատերազմի երկարումով, միութիւնս Սուրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ համագործակցաբար կազմակերպեց ժողովրդային հաւաք, ի դէմ ազրպէյճանական եւ թրքական ոտնձգութիւններուն եւ զօրաւիգ կանգնելու Արցախին: Ժողովրդային հաւաքը տեղի ունեցաւ 25 Հոկտեմբերին 2020-ին, Հալէպի Ազիզիէ շրջանի հրապարակը, ուր ներկայ էին Սուրիահայ երեք համայնքապետերը, կառավարական հրաւիրեալներ ու մօտ 3000 հայերէ եւ արաբներէ բաղկացած ժողովուրդ:

  • Յետ Շուշիի յանձնումին, հիմնուելով ՀՅԴ Բ.-ի որոշումին վրայ, միութիւնս պատրաստեց ու հրատարակեց ՀՀ Վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող տեսերիզ մը, որ դարձեալ տարածուեցաւ «Գանձասար» շաբաթաթերթի դիմատետրի էջին միջոցաւ:

https://www.facebook.com/kantsasar/videos/363472137986313

  • 17 Դեկտեմբեր 2020-ին, միութենէս ընկերներ օժանդակեցին քաղաքապետարանի կազմակերպած, Հալէպի Նոր Գիւղի հայաշատ թաղամասի մը մէջ ծառատնկման աշխատանքին:
  • Իսկ ներկայիս, թէ՛ երկրի թէ՛ համաճարակի տագնապներով հանդերձ միութիւնս նոյն թափով կը շարունակէ իր ժողովական կեանքն ու գործունէութիւնները, իրագործելու նախորդ ամիսներէն, համաճարակի պատճառաւ, կիսատ մնացած, ինչպէս նաեւ նորամշակ բոլոր ծրագիրները: