Editorial

Մեր Խօսքը

Հ3Դ Մեր Խօսքը

          Յուլիս 2021- Դեկտ 2021 թէեւ քորոնաժահրի առկայութեամբ պայմանաւորուած, Ուսանողական Միութիւնները շարունակեցին իրենց աշխատանքները թէ ներգաղութային եւ թէ հայրենի օրակարգերով:

Վրայ հասաւ Արցախեան նորօրեայ գոյամարտը: Մեր Հայրենիքին դիմագրաւած դժուարին եւ ճակատագրական այս օրերուն, Դաշնակցութեան Ուսանողական Միութիւնները շարունակեցին իրենց հետեւողական աշխատանքները պաշտպանելով եւ տէր կանգնելով մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն՝ ի դէմ մեր ոխերիմ թշնամիին եւ անոր դէմ ծաւալած վտանգաւոր ներքին զարգացումներուն:

     Արցախեան 44 օրեայ պատերազմին ընթացքին մեր Միութիւնները անյապաղ լծուեցան քարոզչական լայնածաւալ արշաւներու, բարձրաձայնեցին եւ իրազեկեցին Ազրպէյճանի սանձնազերծած պատերազմին ինչպէս նաեւ  Թուրքիոյ անմիջական ներգրաւուածութեան մասին՝ նպատակ ունենալով միջազգային հանրութեան յստակ դարձնել ազրպէյճանական ռազմատենչ քաղաքականութիւնը, այնուհետեւ դատապարտել պատերազմի ընթացքին ազրպէյճանական ուժերու ցուցաբերած մարդկային իրաւունքներու ոտնձգութիւնները Արցախի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ, որպէս պատերազմական ոճիրներու ակներեւ դրսեւորումներ:

Պատերազմի ընթացքին ՆԱՈւմԻ կամաւորագրուած մեր ընկերներէն Կիմ Խաչատրեանը հերոսաբար զոհուեցաւ ի սէր Արցախին եւ հայութեան: Ան յաւերժ պիտի ապրի, մեր հազարաւոր նահատակներուն հետ միասին՝ միաձուլուած Հայաստանի հողին հետ: Յաւերժ փա՛ռք անոր անմեռ յիշատակին:

     Նոյեմբեր 9-ին անձնատուութեան խայտառակ յայտարարութենէն ետք, մեր Միութիւնները բողոք եւ ցասում արտայայտեցին եւ միացան հայաստանի վարչապետի հրաժարականի արդարացի պահանջին, որպէս պատասխան անոր վարած ազգակործան եւ ապիկար կառավարման՝ մասնակցեցան բողոքին՝ ընձեռնուած բոլոր միջոցներով, ըլլան անոնք յայտարարութիւններ, ցոյցեր եւ այլն:

     Մեր պայքարը կը շարունակուի բազմաթիւ ճակատներու վրայ: Մեր կիզակէտը կը մնան Արցախն ու Հայաստանը, անոնց անվտանգութիւնն ու ապագան, որպէս համասփիւռ հայութեան բաբախուն սիրտը եւ գոյատեւման երաշխիքը: