Editorial

Մեր Խօսքը

Մարտ – Յունիս 2021 ամիսներուն, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու մօտ տիրական էր յետպատերազմեան 
հոգեբանական ընկճալի կացութեան իրավիճակը: Այսուհանդերձ, դաշնակցական երիտասարդութիւնը, իր ոգիին յարիր, իր մէջ ուժ գտաւ չընկրկելու, հետզհետէ վերաբնականանոցնելու եւ ապա խթանելու իր գործունէութիւնը, ուր թէեւ նուազ, բայց իր ազդեցութիւնը ունէր նաեւ համավարակի առկայութիւնը:

Այսպէս՝ այս ժամանակահատուածին նաեւ ականատես կըլլանք առցանց նախաձեռնութիւններու:  Ապրիլին Ուսանողական Միութիւնները կազմակերպած են Ապրիլեան Ոգեկոչման ձեռնարկներ, տարբեր ձեւերով: Քարոզչական-քաղաքաական առումով կազմակերպուած են Արցախեան վերջին պատերազմի հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման ուղղութեամբ նախաձեռնութիւններ, իսկ Հայաստանի մէջ, զանազան ցոյցերով դաշնակցական ուսանողութիւնը իր բողոքը արտայայտած է տիրող վարչակարգին դէմ:

Այլ ուղղութեամբ՝ տեղին է նշել, Մայիս 2021ին տեղի ունեցաւ Երեւանի Պետական Համալսարանի Սփիւռքագիտութեան Ամպիոնի Մագիստրոսի բաժնի կազմակերպած Համահայկական Ուսանողական Խորհրդաժողովը, որ իր բնոյթով նախընթաց չունէր: Այս խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին մեր ուսանողական միութիւններէն եւ մեր ուսանողական միութիւններու զօրակցութիւնը  վայելող տեղական Համալսարանական Համախմբումներէն ներկայացուցիչներ: Մեր ներկայացուցիչները, իրենց տիրական ներկայութեամբ, վերահաստատեցին, որ դաշնակցական ուսանողական միութիւնները, 
Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, կը հանդիսանան ամէնէն կազմակերպուած եւ գաղափարական ամրութեամբ յանձնառու երիտասարդները, անդուլ կը գործեն ի շահ հայրենիքի եւ հայութեան: