Activity Reports

Հարցախոյզ ուղղուած Լիբանանահայ երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան

Նկատի առնելով լիբանանեան ընկերատնտեսական եւ քաղաքական գետնի վրայ եղած զարգացումները, Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը, իր հրատարակչական յանձնախումբի միջոցաւ, լիբանանահայ գաղութի ճակատագիրը ուսումնասիրելու աշխատանքին մէջ կարեւոր դասելով ուսանողութեան դերը, մտածեց կազմակերպել հարցախոյզ մը, որուն շնորհիւ առիթը պիտի ունենար հասկնալու լիբանանահայ ուսանողութեան կարծիքը արտագաղթի մասին:

Հիմնուելով Լիբանանի մէջ տիրող պայմաններուն վրայ, ծանր դժուարութիւններու հետ բնական էր նշմարել արտագաղթի երեւոյթներ, եւ պէտք էր անպայման ուսումնասիրել, թէ հոսքը դէպի ո՞ւր կ՛ուղղուի, եւ ի՞նչ տուեալներու հիման վրայ կը կատարուին արտագաղթի որոշումները:

Հարցախոյզի համար տեղեկահաւաքը սկսաւ 18 Ապրիլ 2020-ին:

Վերոյիշեալ աշխատանքին առաջին բաժինը Ազդակի մէջ լոյս տեսաւ 21 Դեկտեմբեր 2020-ին, իսկ շարունակութիւնը 22-ին։ Նշեալ վերլուծումները կարդալ հետեւելով հետեւեալ link-երը:

Լիբանանահայ Ուսանողութիւնը Ի՞նչ Կը Մտածէ Արտագաղթի Մասին

Լիբանանահայ Ուսանողութիւնը Ի՞նչ Կը Մտածէ Արտագաղթի Մասին -2