Activity Reports

Տարեկան Բանակում

  • Միութիւնը Յուլիս ամիսէն արդէն սկսած էր ծրագրել իր տարեկան բանակումը, առաջին հերթին սերտելով ու պատրաստելով դաստիարակչական կէտերը, ապա՝ խրախճանքները, խաղերն ու նախապատրաստական բոլոր աշխատանքները, ինչ կը վերաբերի երթեւեկի, վայրի, վառելանիւթի ու հացի ապահովման:

Միութեանս բանակումը սկիզբ առաւ 5 Սեպտեմբեր 2021-ին, Քեսապի «Կազդուրման Կայան» կեդրոնէն ներս ու անմիջապէս սկիզբ առին Հալէպէն արդէն ծրագրուած օրակարգերը.-

  • Դասախօսութիւն՝ Աշխարհի Հզօր Կուսակցութիւններ
  • Կլոր սեղան «Ահաբեկչութիւն» վերնագրով
  • Յ. Շահրիկեանի «Մեր հաւատամքը» գիրքի ներկայացում
  • Հարցեր վերլուծելու (Fishbone) ձեւի ծանօթացում, ապա՝ գործնական աշխատանք, երիտասարդութեան մօտ ընդհանրացած՝ Ժամանակ դասաւորելու, գիտելիքներու պակաս եւ անհոգութիւն (կամ անտարբերութիւն) հարցերու վերլուծում:
  • Ս. Շ. Զուրաբեանի «Հայ Տնտեսական Մտքի Զարգացում Ուղագծեր» գիրքի ներկայացում
  • Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գործունէութեան թեմայով Հարց- պատասխան
  • Դասախօսութիւն՝ (United Nations Sustainable Development Goals)
  • Զրոյց՝ Համաշխարհայնացում
  • Ֆիլմի Ցուցադրութիւն՝ «Իշխանութիւն» ֆիլմ (2021)
  • (DISC) անձնաւորութեան վերլուծում, որ թոյլ կու տայ ճանչնալ իւրաքանչիւր ընկերոջ անձնաւորութիւնն ու հիմնական յատկութիւնները, որոնց հիման վրայ կարելի է ընկերներուն բաժնել աւելի արդիւնաւէտ խմբակներու կամ աշխատանքները վստահիլ ըստ իրենց տեսակին:
  • Բանավէճ՝ Յարաբերութիւններու նորմալացում եւ Քորոնա վիրուսի պատուաստ թեմաներով
  • Առցանց դասախօսութիւն՝ Հայաստան-Արցախ
  • Դասախօսութիւն՝ Ժողովական կանոններ
  • Զրոյց՝ Ժամանակակից քաղաքականութիւն՝ Հայաստան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
  • Դասախօսութիւն՝ Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան ծնունդն ու գործունէութիւնը տարիներու ընթացքին:

Բանակումի ընթացքին, դաստիարակչական կէտերու կողքին բանակող ընկերները կատարեցին յեղափոխական երգերու զանազան խրախճանքներ, մեկնեցան դէպի ծով, ներկայ գտնուեցան Կիրակի օրուան Ս. եւ Անմահ պատարագին, խաղցան խմբային նստակեաց ու դաշտային խաղեր, իսկ բանակումին վերջին օրը տեղի ունեցաւ նախկին բանակումներու նկարներու եւ տեսերիզներու ցուցադրութիւն: