Activity Reports

Տէր Կանգնինք Արցախին – Hoodies

ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութիւնը, Արմէն Գարօ Ուսանողական Միութեան հետ գործակցաբար,պատրաստեց Արցախի զօրակցութեան թեմայով hoodyներ (գլխարկոտներ), որոնց վաճառքէն գոյացած գումարը փոխանցուեցաւ Գանատայի Արցախի Ֆոնտին:

Activity Reports

“Coping with Artsakh War” խորհրդակցական հանդիպում

24  Նոյեմբեր 2020 Արմէն Գարօ Ուսանողական Միութիւնը, այլ հայկական կազմակերպութիւններու կողքին, կազմակերպեց խորհրդակցական հանդիպում մը (panel discussion) : Հանդիպման ընթացքին քննարկման նիւթ դարձաւ հոգեկան անձուկ իրավիճակներու յաղթահարումը Արցախի եւ Հայաստանի մէջ զարգացումներուն դէմ հանդիման:

Activity Reports

Գանատայի հայ ուսանողական միութիւններ կոչ կ՚ընեն վարչապետին հրաժարելու

Մոնթրէալի համալսարանի հայ ուսանողական միութիւնը, Գոնգորտիա համալսարանի հայ ուսանողական միութիւնը եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութիւնը հաղորդագրութեամբ մը պահանջեց Հայաստանի Վարչապետի հրաժարականը. Հաղորդագրութեան յղումը՝

Activity Reports

Ինքնաշարժերով Արցախեան Պատերազմի Նահատակներու Ոգեկոչման Երթ

Հոկտեմբեր 25 2020ին, կազմակերպուեցաւ ինքնաշարժներով ցուցադրական երթ Լաւալէն Մոնրէալ Երթի աւարտին տեղի ունեցաւ ոգեկոչման հանդիսութիւն՝ ի յիշատակ Արցախի պատերազմին ինկած նահատակներուն:

Activity Reports Activity Reports Activity Reports Activity Reports Activity Reports Activity Reports

Բողոքի ցոյցեր Օթաուայի Խորհրդարանին, Ֆրանսայի, Ռուսաստանի եւ ԱՄՆի դեսպանատուներուն առջեւ

Հոկտեմբեր 3 2020 Արցախեան նորօրեայ պատերազմին ազրպէյճանական եւ թրքական յարձակումներուն դէմ Արմէն Գարօ Ուսանողական Միութիւնը բողոքի ցոյցեր կազմակերպեց Օթաուայի Խորհրդարանին ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի, Ռուսաստանի եւ ԱՄՆի դեսպանատուներուն առջեւ: