Յունիս 18 2021ին, Արմէն Գարօ Ուսանողական Միութիւնը ցոյց կազմակերպեց CBC-ի եւ Radio Canada-ի շէնքին դիմաց Արցախի պատերազմին հետեւանքով գերի բռնուած հայ զինուորներուն ազատ սրձակման նիւթով:
Author: Armen Karo Canada
Ստորագրահաւաք՝ Ի զօրակցութիւն Դիմադրութեան #Դիմադրութիւն
Նոյեմբեր 25 2021ին, Համահայկական երիտասարդական դիմադրութեան յայտարարութեան համար ԱԳՈՄ-ը ստորագրահաւաք կազմակերպեց : Ստորագրահաւաքին մասնակցեցան տարբեր երիտասարդական կազմակերպութիւններ:
Մասնակցութիւն Լիբանանի համար Թելեթոնին #ARS4Lebanon
Նոյեմբեր 20 2021-ին ԱԳՈՄ-ը ՀՕՄ-ի կազմակերպած թելեթոնին իր մասնակցութիւնը բերաւ:
Ցոյց՝ Ազրպէյճանական Դեսպանատան Դիմաց
Նոյեմբեր 9 2021ին, Օթաուաի մէջ երիտասարդականին հետ միասին ԱԳՈՄ-ը ցոյց կազմակերպեց Ազրպէյճանական դեսպանատան դիմաց: Ապա ուղղոեւլով Հայաստանի դեսպանատուն ծաղկեպսակներ զետեղուեցան դեսպանատան յուշարձանին առջեւ:
Ֆիլմի ցուցադրութիւն
Նոյեմբեր 3-ին ԱԳՈՄ-ականներ ներկայ գտնուեցան Էմիլ Ղըսընի պատրաստած ֆիլմին <<45 days>> ցուցադրութեան
Մեր գործունէութենէն՝Հակիրճ
Սեպտեմբեր 30-ին ԱԳՈՄ-ը Արցախի երիտասարդական Միութեան աջակցեցաւ տեսաուղերձով: Հոկտեմբեր 25-ին ԱԳՈՄ-ը դիմադրութեան կոչեր սկսաւ ուղղել ընկերային ցանցերու վրայ: (twitter, facebook, instagram) Հոկտեմբեր 29-ին ԱԳՈՄ-ի անդամներ հանդիպում ունեցան ընկեր Հրաչ Ճապրայեանին հետ եւ զրուցեցին Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ իրավիճակին մասին
#FreeArmenianPOWs Գանատայի Տարածքին Ցոյցեր՝ Հայ Ռազմագերիներու Ազատ Արձակման Կոչերով
Արմէն Գարօ Ուսանողական Միութիւնը եւ Գանատաի Երիտասարդաց Միութիւնը միասնաբար ցոյցեր կազմակերպեցին Գանատայի տարածքին, Հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու կոչերով: Ցոյցեր տեղի ունեցան՝ Վանքուվըրի մէջ՝ Կիրակի 13 Յունիս 2021ին Մոնթրէալ մէջ՝ Ուրբաթ 18 Յունիս 2021ին Թորոնթոյի մէջ՝ Շաբաթ 19 Յունիս 2021ին Ցոյցերէն նկարներ Instagramի հետեւեալ յղումով՝ https://www.instagram.com/armen.karo/?utm_medium=copy_link
Զեկուցում Հայաստանի եւ Արցախի Իրավիճակին մասին
24 Մայիս 2021ին, Արմէն Գարօ-ուսանողական միութեան անդամական ժողովի ընթացքին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ընկեր Մհեր Գարագաշեան զեկուցեց Հայաստանի ու Արցախի յետպատերազմեան իրավիճակին մասին։
Հարցազրոյց Հայ Հորիզոնին
5 Մայիս 2021ին, Արմէն Գարօ Միութեան անդամ Ընկեր Լէոնարտօ Թորոսեանը մասնակցեցելով Հայ Հորիզոնի ուղիղ եթերին, մանրամասներ փոխանցեց ստորագրահաւաքին մասին: «Մեր թիրախն է հաւաքել 50.000 ստորագրութիւն, 24 օրուայ ընթացքին, հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման համար։» շեշտեց ան: Հարցազրոյցը դիտել հետեւեալ յղումով՝ UN Free Armenian POWs
Ստորագրահաւաք-Դիմում ՄԱԿին
Արմէն Գարօ Ուսանողական Միութիւնը եւ Գանատաի Երիտասարդաց Միութիւնը միասնաբար ստորագրահաւաք մը կազմակերպեցին change.org համացանցի էջին վրայ: Ստորագրահաւաքի նպատակն էր դիմել ՄԱԿին որպէսզի ճնշում բանեցնէ Ազրպէյճանի վրայ հայ ռազմագերիներուն ազատ արձակման գծով: