Activity Reports

Նստացոյց՝ Հայաստանի դեսպանատան դիմաց եւ հանդիպում Հայաստանի դեսպանին հետ

9 նոյեմբերի 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան միամեակին առիթով եւ զօրակցելով Հայաստանի մէջ սկիզբ առած Դիմադրութեան շարժումին, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ երեկոյեան Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի լուռ նստացոյց մը:

Նստացոյցին ընթացքին շողարձակումով (projection) ցուցադրուեցան կարգախօսներ, որոնք Դիմադրութեան նշանակին կողքին յստակօրէն արտայայտեցին լիբանանահայ երիտասարդութեան տեսակէտն ու կեցուածքը` Հայաստանի թրքացումն ու Արցախի զիջումը մերժելու, Սիւնիքը հայրենիք չնկատելու եւ Թուրքիոյ նախապայմաններուն ընդառաջելու Հայաստանի իշխանութեան ընթացքին վերջ տալու, պարտուողական ոգին եւ հայրենիքին դէմ դաւաճանութիւնը կտրականապէս մերժելու իմաստով:

ԶՈՄ-ի եւ ԼԵՄ-ի ընկերները գիշերեցին դեսպանատան դիմաց, իսկ առաւօտեան անոնցմէ պատուիրակութիւն մը Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանին յանձնեց բողոքագիր մը: