Editorial

Մեր Խօսքը

Վերջին չորս ամիսներուն, թագաժահրի աներեւակայելի արագ տարածումին պատճառով, աշխարհը իրարանցումի մէջ էր: Սակայն անսովոր կացութիւններու մատնուելով հանդերձ, Հ.Յ.Դ. Ուսանողական Միութիւնները կարողացան տագնապը շրջանցել, անոնք զարկ տուին իրենց ստեղծագործական միտքերուն եւ օգտուելով արհեստագիտական միջոցներու ընձեռած կարելիութիւններէն, շարունակեցին իրենց առաքելութիւնները, յաճախ նորարար ոճով:

Այսպէս՝ անոնք

-Փութացին հայ հասարակութեան օգնութեան՝ հականեխելով գաղութի կառոյցները, տեղեկատուական եւ դաստիարակչական թերթիկներ պատրաստելով, կենսական պիտոյքներ տրամադրելով կարիքաւորներուն…

-Զարկ տուին քարոզչութեան եւ միտքերու զարգացման՝ դասախօսութիւններով, տեսերիզներով, յօդուածներով…

-Պայքարեցան իրենց հաւատացած սկզբունքներուն համար, մասնաւորապէս ցեղապաշտութեան դէմ:

-Շարունակեցին Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը, առցանց ոգեկոչմամբ կամ քարոզչութեամբ:

Հ.Յ.Դ. Ուսանողական Միութիւնները փաստեցին, որ ճկունութեամբ կարող են իրենց անշեղ նպատակները հետապնդել: Վարձքերնիդ կատա՛ր: