Editorial

Մեր Խօսքը

Յուլիսէն 2021էն Դեկտեմբեր 2022 ժամանակահատուածի մեր ուսանողական միութիւններու գործունէութիւնը կը բնորոշուի յետ
պատերազմեան իրավիճակէն դուրս ելլելու եւ դիմադրութեան գործունէութեամբ:
Ուսանողական Միութիւնները թէ սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ ամէն ջանք թափեցին հայ իրականութենէն
թօթափելու յուսալքութեան եւ պարտուողական տրամադրութիւնները ցոյցերով, քարոզչական
աշխատանքներով եւ իրազեկումով:
Արտաքին ճակատի վրայ մեր ուսանողները ձայն բարձրացուցին Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած զինուորներու ազատ արձակման գծով:
Ներազգային առումով, ուսանողական միութիւնները ցոյցերով իրենց բողոքը արտայայտեցին ապազգային, պարտուողական,
պետականակործան եւ մանաւանդ թրքամէտ իշխանութիւններուն նկատմամբ:
Դիմադրութիւնը արտաքին ճակատի վրայ պիտի յարատեւէ մինչեւ Արցախեան պայքարի արդար հանգուցալուծումը:
Իսկ ներքին ճակատի վրայ ան դադար պիտի չունենայ մինչեւ այս իշխանութիւններու հեռացումը ազգի համայնապատկերի վրայէն:

Արդար դիմադրութեան ջահը անկասկած որ անկոտրում կամքով երիտասարդութիւնը պիտի առաջնորդէ մինչեւ նպատակներու իրագործում:
Յաջողութիւն մեր ընկեր ընկերուհիներուն: