Activity Reports

Մասնակցութիւն՝ Երիտասարդական Գրասենեակի Արցախի Ծրագրին -Վարիչ պատրաստելու դասընթացքներ

Օգոստոս 2021-ին, ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութենէն երկու ընկերներ գործուղղուեցան Արցախ եւ մասնակցեցան ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտ. Գրասենեակի կազմակերպած Արցախի մէջ գործադրուած ծրագիրներուն։ Գործուղղման ընթացքին, ԶՈՄ-ական ընկերները զանազան հանդիպումներ ունեցան ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան վարչութեան եւ անդամ ընկերներուն հետ։ Անոնք նաեւ գործադրեցին Արցախի Պատանեկան Միութեան վարիչներուն համար դաստիարակչական-կազմաւորման ծրագիր մը։ Այս ծրագիրը երկու շաբթուան տեւողութեամբ գործադրուեցաւ Ստեփանակերտի, Ասկերանի եւ Մարտունիի մէջ։