Գործունէութիւն
Քրիստափոր Ուսանողական Միութիւնը, նախորդ ամիսներուն ընթացքին ծրագրեց եւ իրագործեց զանազան աշխատանքներ: Պսակաձեւ ժահրի պատճառով, շրջանի սկիզբէն նախատեսուած ծրագիրներէն մաս մը յետաձգուեցաւ, իսկ ուրիշներ՝ չեղեալ համարուեցան:
Նախազգուշանալու համար պսակաձեւ ժահրի վտանգէն, միութիւնս նախաձեռնեց գաղութիս ազգային կեդրոններու հականեխման աշխատանքին: Սոյն ծրագիրին արդիւնքով բազմաթիւ անգամներ հականեխուեցան շրջանիս դպրոցները, ակումբներն ու եկեղեցիները:
Գաղութը բարձր գնահատեց այս նուիրական աշխատանքը:
- Ապրիլ ամսուան ընթացքին, Միութիւնս պատրաստեց եւ ընկերային ցանցերու ու գաղութիս հայ խանութպաններուն միջոցաւ տարածեց Ցեղասպանութեան 105 ամեակին առթիւ, Սուրիոյ Խորհրդարանին նուիրուած poster մը, որուն միջոցաւ երախտապարտութիւն յայտնեց Խորհրդարանին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումին գծով: Աշխատանքը մեծ արձագանք գտաւ:
- Ինչպէս նաեւ միութեանս ընկերներուն ջանքերով, առաջին անգամ ըլլալով պատրաստուեցաւ ու ընկերային ցանցերուն մէջ տարածուեցաւ Մայիս 28-ի նուիրուած արաբերէն լեզուով տեսերիզ մը, ուղղուած արաբ ժողովուրդին: Միութեանս ընկերները ջանք չխնայեցին տեսերիզը տարածելու եւ այն ակնկալուած արդիւնքը բերաւ:
- Համաճարակի դժուար պայմաններուն բերումով միութիւնս չկարողացաւ արժանաւոր կերպով ոգեկոչել Ապրիլ 24-ի զոհերուն յիշատակը, այլ բաւարարուեցաւ Հալէպի Ազգ. Գերեզմանատուն այցելելով ու Ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողին դիմաց ծաղկեպսակ մը զետեղելով:
- Միութիւնս դիմատետրի մէջ հիմնեց չեզոք էջ մը` Click անունով, որուն մէջ ներգրաւելէ ետք բաւարար հետեւորդներ, այնտեղ պիտի զետեղէ միութեանս պատրաստած արաբերէն լեզուով այլ տեսերիզները, թեմաներ ունենալով՝ Թուրքիա, Սեւրի Պայմանագիրի 100 ամեակ, Լիզպոն եւ այլն: Սոյն աշխատանքը կը միտի դիմատետրի միջոցաւ արաբական աշխարհին ծանօթացնել հայուն եւ թուրքին դիմագիծը, նպաստելով Հայ Դատի քարոզչութեան:
- Շարունակելով ծառայողական աշխատանքները, միութիւնէս քանի մը ընկերներ մեկնեցան Հալէպի Ազգ. Գերեզմանատուն եւ մաքրեցին Ապրիլեան զոհերու ու Լիզպոնի հինգի յուշակոթողները:
- Յունիս 14-ին, տեղի ունեցաւ կիսօրեայ հաւաք, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը, նիւթը՝Սեւրի Պայմանագիրը, ինչպէս նաեւ հաճելի խաղերու կողքին զրուցեց իգական եւ արական սեռերու մտածելակերպերու տարբերութեան մասին:
- Հակառակ երկրին դժուար պայմաններուն միութիւնս կը շարունակէ իր հերթական ժողովները, ընկերական հաւաքներն ու գործունէութիւնները, կը զրուցէ ու կը քննարկէ գաղութը հետաքրքրող հարցեր, ինչպէս նաեւ միութեանս 80 առ հարիւրը արդէն իսկ ներառուած է Յուլիսի 19-ին կայանալիք Սուրիոյ երեսփոխանական ընտրութիւններու աշխատանքներուն մէջ, ստանձնելով հայ թեկնածուին քարոզչական աշխատանքը, որուն ծրագրումը յատկապէս վստահուած է միութեանս PR յանձնախումբին:
- Յառաջիկայ օրերուն միութեանս վարչութիւնը միութեան ծրագիրներու շրջագիծէն ներս՝ ծրագրած է վերոյիշեալ տեսերիզներու աշխատանքը շարունակել, Քեսապի մէջ տարեկան բանակում կազմակերպել, Հալէպի պետական համալսարանէն ներս կազմակերպել միութեանս աւանդութիւն դարձած հայկական մշակոյթի շաբաթը, որ յետաձգուեցաւ պսակաձեւ ժահրի պատճառով, վերսկսիլ մարդկային հմտութիւններու զարգացման դասընթացքները, նաեւ միութեան ներքին յանձնախումբերու միջոցաւ հրաւիրել հիւր դասախօսներ ու ընկերներուն մատուցել քաղաքական ու գաղափարական թեմաներով դասախօսութիւններ, նպատակադրելով ամրապնդել ընկերներուն քաղաքական ու գաղափարական հիմքերը: