Մայիս 13
Արմէն Գարօ Ուսանողական Միութիւնը իր ազդու ներդրումը ունեցաւ Քոնքորտիայի Հայ Ուսանողական Համախմբումի (CASU) 2020ի ընտրութիւններուն քարոզարշաւին եւ կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ:
Ապրիլ 24
Արմէն Գարօ Ուսանողական միութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումին առիթով պատրաստեց “Կը Պահանջենք Մեր Հողերը” խորագրով տեսերիզ մը:
Մայիս 19
Արմէն Գարօ Ուսանողական միութիւնը զօրավիգ կանգնելով ՀՅԴ ՀԵՄի եւ ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան Ուսանողական Միութեան “Միասին Կը Յաղթենք“ խորագրով նախաձեռնութեան, պատրաստեց նոյն թեմայով տեսերիզ մը:
Մայիս 24
Արմէն Գարօ Ուսանողական Միութիւնը Հարցազրոյց մը ունեցաւ Հայ Հորիզոնին հետ “Միասին Կը Յաղթենք“ խորագրով քարոզարշաւին մասին: Հարցազրոյցի ընդմէջէն կոչ ուղղուեցաւ գանատահայութեան իրենց նուիրատուութիւններով նեցուկ կանգնելու Համաճարակի պատճառով դժուար պայմաններու մէջ ապրող հայրենի ժողովուրդին:
Մայիս 27- Յունիս 18
Պատրաստուեցաւ այլ տեսերիզ մը դարձեալ “Միասին Կը Յաղթենք“ նախաձեռնութեան վերաբերեալ, մասնակցութեամբ Արմէն Գարօ Ուսանողական Միութեան Ներկայացուցիչին:
Մայիս 28
Կազմակերպութեամբ Արմէն Գարօ Ուսանողական Միութեան եւ մասնակցութեամբ Մոնրէալի Հայ Ուսանողական Միութեան Համախմբումին, հրապարակուեցաւ Յայտարարութիւն մը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակումին առիթով:
Յունիս 3
Արմէն Գարօ Ուսանողական Միութիւնը մասնակցեցաւ Հայ Հորիզոն Հեռուստատեսութեան կազմակերպած հարցազրոյցին:
Հարցազրոյցի նիւթ էր՝ Ինչպէ՞ս կ՚արժեւորեն ՀՅԴ չորս կոմիտէներու հերթապահները այս տարուայ Մայիս 28-ի առցանց Տօնակատարութիւնը։
Յունիս 18-28
Արմէն Գարօ Ուսանողական Միութիւնը պատրաստեց տեսերիզ մը “AID4LEBANON” (Օգնութիւն Լիբանանին) քարոզարշաւին վերաբերեալ, որ կը միտի դրամահաւաքի ճամբով օգնութեան հասնիլ Լիբանանի տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ գտնուող հայ գաղութին: